2013-03-05 13:28:37

Սրի Լանքայի Եկեղեցիները Կ'ամբաստանեն Թամիլ Ժողովուրդներու Կրած Եղեռնը`


ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու 22-րդ նիստին բացման առթիւ։
ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու 22-րդ նիստին բացման առթիւ, Սրի Լանքայի կաթողիկէ ու բողոքական 130 պատասխանատուները, բաց նամակ մը ուղղած են ՄԱԿի մարդու իրաւունքի յանձնախումբին, որուն աշխատանքը կ'երկարի 25 փետրուարէն մինչեւ 22 մարտ, մատնանշելով ու դատապարտելով Սրի Լանքայի մէջ տեղի ունեցող թամիլ ժողովուրդին ջարդը, Սրի Լանքայի բանակի ձեռքով։
Բաց նամակը ՄԱԿ-ին ուղղուած է, Մանարի թեմի առաջնորդէն եւ կը ներփակէ ստորագրութիւնը՝ 132 հոգեւորականներու, որոնցմէ ոմանք մաս կը կազմեն ''արդարութիւն եւ խաղաղութիւն'' յանձնախումբի։ Գերապայծառ Ռայաբու Ժոզէֆ հակառակ ստացած սպառնալիքներուն, կառավարութեան կողմէ, կը շարունակէ արիաբար պաշտպանը հանդիսանալ թամիլ ժողովուրդին։ Բաց նամակին մէջ քաջ հովիւը կը մատնանշէ որ ոչ միայն տասնեակ հազարաւոր թամիլի քաղաքացիներ անհետացած ու սպաննուած են, այլեւ՝ կառավարութիւնը ամէն ջանք կը թափէ ջնջելու անոնց մշակոյթը, կրօնը եւ լեզուն։ Կը թուի որ կառավարութեան կէտնպատակն է բոլորովին ոչնչացնել թամիլ ժողովուրդը։ Գերապայծառ Ռայաբու իր նամակին մէջ, կը խնդրէ առաքումը՝ միջազգային յանձնախումբի մը:








All the contents on this site are copyrighted ©.